Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի Սուրբ Սահակ եւ
Սուրբ Մաշտոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ սրահին
մէջ Ապրիլ 16-ին պիտի գումարուի
Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան օրինագիծի
պաշտպանութեան իրաւական միջոցներուն
նուիրուած գիտաժողով մը՝
նախաձեռնութեամբ, Արեւմտեան Հայաստանի
Հայերու Ասամբլէային։
Գիտաժողովը պիտի վարէ՝
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի
Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, իր
մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ՝ Մարսէլ
քաղաքի փաստաբան եւ Եւրոպայի ու Ֆրանսայի
մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտողականութեան
խնդիրներով մասնագէտ Ֆիլիփ Գրիգորեան։