2010
թ,
Յունուար 14
Arménie
Occidentale
Il
n'y a pas de compromis possible !
Les Arméniens doivent
être plus fermes sur leurs revendications territoriales relativement
au plan d'extermination qu'ils ont dû subir par les gouvernements
successifs turcs .
Il n'existe dans ce
cas aucun compromis possible, l'Arménie Occidentale doit être
décolonisée par la Turquie, et les territoires décolonisés doivent
être transmis aux autorités d'Arménie Occidentale.
Cette décolonisation
permettra à la Turquie d'obtenir un billet d'entrée en Europe,
puisque la Turquie ne peut pas entrer en Europe avec à charge les
territoires colonisés d'Arménie Occidentale, c'est juridiquement
impossible.
D'ailleurs toutes les
gesticulations diplomatiques mondiales actuelles sont provoquées par
cette nouvelle donne politique et juridique.
Bien évidemment, des
forces politiques et souvent occultes, essayent encore de nous
copier (virtuellement), de nous spolier, de nous discréditer ou de
nous éliminer, nous vivons une discrimination raciale quasi permanente, nous
demandons le droit d'exister et de respirer, en réponse on nous
traite d'extrémiste, mais nous avons déjà cinq ans d'existence
officielle, et nous grandissons un peu tous les jours, nous
résisterons quoiqu'il arrive.
Je rappelle à ce
titre que l'indépendance de l'Arménie Occidentale dite turque a été
reconnu de jure par la Russie le 29 décembre 1917 et c'est pour cette raison
qu'en règle générale nos élections se déroulent sur cette période,
je rappelle aussi que l'Arménie Occidentale a été reconnue
indépendante avant l'Arménie Orientale, ainsi elle a participé à
part entière de facto à la constitution de l'Arménie
intégrale reconnue par le Traité de Sèvres en 1920, ainsi nous devons ensemble
affirmer nos droits à l'existence et nos droits à
l'autodétermination à chaque occasion en étant ferme sur nos
positions.
Arménag Aprahamian pour
WAN
2010, յունուար 14
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Ո՛չ մէկ զիջումի կարելիութի՛ւն.
Հայերը իրենց հողային պահանջատիրութեան մէջ աւելի
հաստատակամ պէտք է ըլլան, նկատի առնելով թուրքերու’ մէկը միւսին
յաջորդող իշխանութիւններու բնաջնջման ծրագիրներուն ենթարկուելու
պատճառը:
Այս առնչութեամբ ո՛չ մէկ զիջում կարելի է ունենալ.
Արեւմտեան Հայաստանը անպայմանօրէն պէտք է ազատագրուի գրաւեալ
կարգավիճակէն եւ պատկան իշխանոււթիւններու (Արեւմտեան Հայաստանի)
ենթակայ դառնայ:
Բռնագրաւուած հողերու ազատագրումը միայն թոյլ կու
տայ Թուրքիոյ’ Եւրոպա մուտք գործելու իրաւունք ստանալ, որովհետեւ
անկարելի է, որ ան Եւրոպա մտնէ Արեւմտեւան Հայաստանի հողերու գրաւմամբ
բեռնաւորուած:
Ասկէ զատ, այժմու դիւանագիտական համաշխարհային
ելեւէջումները տուեալ քաղաքական ու իրաւական ազդակներու
դրդապատճառներով են:
Իրապէս ակներեւ է, որ գոյութիւն ունին քաղաքական
ուժեր, որոնք յաճախ կը փորձեն թաքուն կերպերով մեզ ընդօրինակել,
կողոպտել, արժեզրկել եւ կամ չեզոքացնել մեզ, որով գրեթէ մշտապէս
ցեղամոլութեան վնասները կը կրենք, հակառակ որու մեր պահանջքն է
պահպանել մեր գոյութեան իրաւունքը եւ որու իբրեւ պատասխան
ծայրայեղականներ կ’ անուանուինք. բայց ի՞նչ փոյթ:
Ահաւասիկ հինգ տարի է, որ մենք պաշտօնապէս
գոյութիւն ունինք եւ օրեցօր կ’ուռճանանք, բան մը, զոր մեզ կ’ամրապնդէ
դիմակայելու:
Այս առթիւ կը յիշեցնեմ, որ Արեւմտեան Հայաստանի (այսպէս
կոչուած Թրքահայաստանի) անկախութիւնը տէ իւրէ ( de
jure, իրաւականօրէն) ճանչուած էր
Ռուսիոյ կողմէ 1917թ. դեկտեմբեր 29-ին. եւ այդ իսկ պատճառաւ է, որ մեր
ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան այս ժամանակաշրջանին մէջ:
Յստակ է, ուրեմն, որ Արեւմտեան Հայաստանի
անկախութիւնը արդէն իսկ ճանչուած էր, նախքան որ Արեւելեան Հայաստանի
անկախութիւնը ճանչուէր:
Կը յիշեցնեմ նաեւ, որ Արեւմտեան Հայաստանը տէ ֆակտօ
(de facto) կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է լիակատար եւ ամբողջական
Հայաստանի կազմութեան մէջ 1920թ. Սեւրի դաշնագրի համաձայն:
Հետեւաբար հարկ է, որ մենք միասնաբար հաստատենք
իրաւատէրի’ թէ՛ գոյութեան եւ թէ՛ ինքնորոշման իրաւունքի մեր հանգամանքը,
ամուր մնալով մեր դիրքերու վրայ:
ԱՐՄԵՆԱԿ
ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արեւմտեան
Հայաստանի լուրերու համար
|