Սիրելի հայրենակիցներ,
Այսօր
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իմա՝ Արեւելեան Հայաստանը, կը
տօնէ իր անկախութեան հռչակման տասնիներորդ տարեդադարձը:
1991թ. սեպտեմբեր 21-ին հայ ժողովուրդի միասնական կամքով եւ
ՀՀ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի հաստատումով հռչակուեց
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախ պետականութեան հաստատման
գործընթացի սկիզբը: Հայկական ԽՍՀ-ն վերանուանուեց Հայաստանի
Հանրապետութիւն, որն ունի իր դրոշը, զինանշանը եւ օրհներգը:
Այսպիսով Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձաւ ինքնիշխան
պետութիւն՝ օժտուած պետական իշխանութեան գերակայութեամբ,
անկախութեամբ, լիիրաւութեամբ, որը կրնայ ստեղծել իր սեփական
զինեալ ուժերը, սեփական դրամը եւ ազգային դրամատունը,
տնտեսավարման սեփական սկզբունքները եւ օրէնսդիր ինքնուրոյն
համակարգը:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը կը շնորհաւորէ հայ
ժողովուրդը իր պատմութեան մեջ այսպիսի կարեւոր շրջադարձի
առիթով, որով ամբողջական Հայաստանի արեւելեան հատուածը որպէս
Հայաստանի Հանրապետութիւն դարձաւ միջազգային իրաւունքի կրող՝
իր անկախ արտաքին քաղաքականութեամբ եւ անմիջական
հարաբերութիւններով այլ պետութիւններու հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան Հռչակագիրը կրկնակի
կարեւոր է մեզ համար, որով յստակօրէն եւ առանձնաբար կը ճանաչէ
Արեւմտեան Հայաստանը:
Յօդուած
11
11. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը սատարէ 1915թ.
Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մեջ հայոց
ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին:
Այսպիսով
, այս յայտարարութիւնը կարեւոր օղակ մըն է Արեւմտեան Հայաստանի
գոյութեան հաստատման եւ միջազգայնօրէն անոր ճանաչման շղթային:
Մաղթենք եւ յուսանք, որ մօտ ապագային հայ ժողովուրդը առիթը
ունենայ շնորհաւորելու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետության
անկախութեան տարեդարձը, եւ գալիք տարեդարձները նշուին
համազգային համերաշխ ու հաղթական տօնախմբութիւններով:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ՝
ԱՐՄԵՆԱԿ
ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ